2017-02-14 13:54:00

Ֆրանչիսկոս Պապի 14 փետրուարի քարոզը`Աստուծոյ խօսքը աւետողին երեք յատկութիւնները։


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի, 14 փետրուարին, Վատիկանի Տոմսուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագին ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ անդրադառնալով  Եւրոպայի պաշտպան երկու Սուրբերուն՝ Սուրբ Կիւրեղ եւ Սուրբ Մեթոտիոսին, որոնց տօնը կը յիշատակուի այսօր, յարեց  թէ Աստուծոյ ժողովուրդը կազմելու համար ՝ եկեղեցին այսօր կարիքն ունի Աստուծոյ խօսքին մշակներուն,  առաքեալներու , իսկական պատգամաւորներու, նման՝ վերոյիշեալ երկու սուրբերուն ՝քաջ պատգամաւորներ որոնք հզօրացուցին Եւրոպան ։Սրբազան Հայր մեկնաբանելով օրուան Սուրբ գրային ընթերցումները,  ուր կը խօսուի Պարնապայի եւ Սուրբ Պօղոսի անձերու  մասին, եւ Տիրոջ կողմէ զոյգ զոյգ առաքելութեան ուղարկուած   72 աշակերտներու մասին,  Ֆրանչիսկոս Պապ  խօսեցաւ  առաքեալին, Աստուծոյ խօսքը աւետողին  անձնաւորութեան  երեք  յատկութիւններուն մասին։ Առաջին՝ անկեղծութիւնը, որ  կը ներառէ նաեւ  քաջութիւնն ու զօրութիւնը ։ ՝՝Աստուծոյ խօսքը՝՝ ըսաւ Սրբազան հայրը ՝՝ կարելի չէ փոխանցել որպէս առաջարկ կամ որպէս իմաստասիրական կամ բարոյական գաղափարախօսութիւն։  Աստուծոյ խօսքը պէտք է առաջարկուի   այնպիսի  անկեղծութեամբ ու զօրութեամբ, որպէսզի ան կարենայ ներթափանցել մինչեւ ոսկոր՝ ինչպէս ըսած էր Սուրբ Պօղոս։ Լոկ՝  Աստուծոյ խօսքը այս անկեղծութեամբ հռչակուած,  կարող կը դառնայ կազմել Աստուծոյ ժողովուրդը հաստատեց  Ֆրանչիսկոս Պապ  ապա նշեց  առաքեալին երկրորդ յատկութիւնը,  յիշելով Ղուկաս Աւետարանին մէջ գրուած Յիսուսի խօսքը՝՝ աղօթեցէք մշակներուն համար , որպէսզի  Աստուած մշակներ ուղարկէ։ ՝՝

  ՝՝Աստուծոյ խօսքը կը հռչակուի աղօթքի միջոցաւ՝՝ ըսաւ Սրբազան Հայրը ՝՝  առանց աղօթքի, կրնանք գեղեցիկ դասախօսութիւններ կատարել, դաստիարակել եւ ուղղութիւններ տալ՝՝ սակայն միայն աղօթքի մէջ մխրճուած սրտէ մը   կրնայ դուրս գալ Աստուծոյ խօսքը ։ Անդրադառնալով առաքեալին երրորդ յատկութեան  Սրբազան Հայրը  յիշեց  Յիսուսի խօսքը , ՝՝ձեզ որպէս ոչխարներ կ՝առաքեմ  գայլերուն մէջ՝՝ ըսելով

՝՝Ճշմարիտ քարոզիչ այն անձն է  , որ ինքզինք տկար  կը զգայ, եւ գիտէ որ չի կրնար պաշտպանուիլ ինքն իր անձը։   Աստուծոյ պատգամաւորը պէտք է ինքզինք որպէս ոչխար զգայ եւ գիտակցի թէ Տէրն է զինք պաշտպանողը  յարեց  Սրբազան Հայր ապա քարոզը  աւարտեց հրաւիրելով  հայցել Սուրբ Կիրւեղ եւ Մեթոտիոս  եղբայրներուն բարեխօսութիւնը,  որպէսզի մեզ օգնեն հռչակելու Աստուծոյ խօսքը։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.